2) Տիգրիս գետ, որու երկարութիւնն է 1900 քլմ., ունի երկու ճիւղ՝ ա) Արեւմտեան եւ բ) Արեւելեան։ Երկու Տիգրիսները Սղերդ քաղաքի մօտերը միանալով կը կազմեն Տիգրիս գետը։ Տիգրիս Կորդուաց լեռները ճեղքելէ ետք կը հասնի Միջագետք եւ կը թափի Պարսից ծոց։ Գ) Սեւ ծով կը թափին Ճորոխ, Ալիս եւ Իրիս գետերը։ Դ) Ներքին գետակները, որոնք մեծ գետերու օժանդակներն են, անոնց հոսքը ամբողջութեամբ կը գտնուի Հայաստանի մէջ։
- Հայաստան ունի բազմաթիւ լիճեր։ Հայաստանի երեք մեծ լիճերն են.
Ա) Սեւանայ լիճ, կոչուած է նաեւ Գեղամայ լիճ եւ Գեղարքունեաց ծով։ Կը գտնուի Հայաստանի հիւսիս արեւելքը։ Շրջապատուած է Արեգունիի, Սեւանի, Զանգեզուրի, Վարդենիսի եւ Գեղամայ լեռնաշղթաներով։ Ան ծովու մակերեսէն 1900 մեթր բարձրութիւն ունի եւ կը գրաւէ 1900 քառ.քլմ. տարածութիւն։ Աշխարհի լեռնային մեծ լիճերուն մէջ ամենաբարձր լիճերէն մէկը կը նկատուի։ Իր մէջ կը թափին բազմաթիւ գետակներ, իսկ իրմէ կը բխի միայն մէկ գետ՝ Հրազդան կամ Զանգու գետը։ Անոր ջուրը անուշ է եւ հարուստ ձուկերով։ Ամէնէն նշանաւոր ձուկերն են Իշխանաձուկը եւ Գեղարքունին։ Լիճին հիւսիս- արեւելեան կողմը կը գտնուի Սեւանայ կղզին, որուն վրայ կը գտնուի համանուն վանքը։ Վերջերս Սեւանայ լիճին ջուրերը պակսեցան եւ կղզին ցամաքին միանալով վերածուեցաւ թերակղզիի։
Բ) Վանայ լիճը կոչուած է նաեւ Տոսպայ լիճ, Ռշտունեաց լիճ եւ Բզնունեաց ծով։ Կը գտնուի Հայկական Բարձրաւանդակի հարաւը։ Շրջապատուած է Գրգուռ, Սիփան եւ Վարագ լեռներով։ Վանայ լիճը ծովու մակերեսէն 1720 մեթր բարձրութիւն ունի եւ կը գրաւէ 3764 քառ. քլմ. տարածութիւն։ Իր մէջ կը թափին քանի մը գետեր՝ Բերկրի, Խոշապ, Արճէշ, բայց լիճէն ոչ մէկ գետ կը բխի։ Վանայ լիճին ջուրը աղի է։ Իր մէջ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ բորակ։ Ունի չորս կղզիներ՝ Աղթամար, Լիմ, Կտուց, Առտէր։ Աղթամար կղզիին վրայ կը գտնուի Աղթամար վանքը՝ Ս. Խաչ եկեղեցիով։ Հայաստանի նախաբնիկները Վանայ լիճին շուրջ ստեղծած են Նայիրիի եւ Ուրարտուի պետութիւններն ու քաղաքակրթութիւնները։
Գ) Ուրմիոյ լիճ, որ կոչուած է նաեւ Կապուտակ ծով, կը գտնուի Հայաստանի հարաւ-արեւելքը, ծովու մակերեսէն 1330 մեթր բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնն է 5775 քառ. քլմ. հայկական լեռնաշխարհի ամէնէն մեծ լիճը կը նկատուի։ Ուրմիոյ լիճին ջուրը շատ աղի է. այդ պատճառով ալ անոր մէջ ձուկ չ՛ապրիր։ Ունի բազմաթիւ կղզիներ։
Հայաստանի փոքր լիճերէն են՝ Չըլտըր, Արփի, Արջակ եւ Ծովք լիճերը։
- Կլիմայ եւ բուսականութիւն. Հայաստանի կլիման ցամաքային եւ խիստ է։ Ամառը սաստիկ տաք կ՛ընէ, իսկ ձմեռը՝ սաստիկ ցուրտ։ Ցած վայրերու մէջ կլիման տաք է։ Այդտեղ հիանալի կերպով կ՛աճին խաղող, բամպակ, բրինձ եւ պտուղներ։ Լեռնային շրջաններուն մէջ կլիման բարեխառն է։ Ծովամերձ շրջաններուն մէջ, կլիման բարեխառն զով է։ Լեռները անտառածածկ են, իսկ հովիտները կ՛ընծայեն երկրագործական յարմարութիւններ։
- Հայկական Բարձրաւանդակը հարուստ է բնական հարստութիւններով. նշանաւոր են աղի, պղինձի եւ երկաթի հանքերը։ Հայաստան մասնաւորաբար հարուստ է իր շինանիւթերով։ Շինութեան համար ամէնէն շատ օգտագործուած քարը տուֆն է։ Կան նաեւ պազալթն ու կրանիթը։ Հայաստանի լեռնաշխարհին մէջ կը գտնուին նաեւ հանքային բաղադրութիւններով տաք եւ պաղ ջուրի աղբիւրներ։