Մարդ էլ կա, մարդ էլ...


14:46 , 19 հունվար, 2014

Մարդ կայ որ իր կատարած ծառայութիւնը անընդհատ կը թմբկահարէ ի լուր ամէնքին, գնահատանք եւ գովասանք որսալու համար ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ.....Մարդ ալ կայ որ լուռ ու անշշուկ կը ծառայէ, առանց որեւէ մէկ ակնկալութեան թէ գնահատանքի, եւ նոյնիսկ ամօթ կը զգայ, երբ մարդիկ զինք գովաբանեն...., քանզի ան իր աշխատանքը կը կատարէ՝ միայն ու միայն իր ներքին ձայնին ունկնդիր, որպէս հոգիի պարտք ու արեան հարկ....եւ իր գերագոյն վարձատրութիւնը կը գտնէ իր խղճին հանդարտութեան եւ հոգեկան գոհունակութեան մէջ...