23:02 , 19 հունիս, 2012Արաբական վէրքին մասին խօսելէն զատ, անցնող օրերուն միջազգային լրատու գործակալութիւնները, իրենց ուշադրութիւնը նաեւ կեդրոնացուցին «Ֆրանսական Ակադեմիա»ի նոր անդամի ընտրութեան վրայ: Ամին Մաալուֆ, ծագումով Լիբանանցի արձակագիրը անցեալ հինգշաբթի օր հանդիսացաւ Ակադեմիայի 29-րդ անդամը, փոխարինելով յայտնի Փիլիսոփայ ՝ Քլոտ Լէւի Սթրաուսը:Ամին Մաալուֆի ընտրութեամբ Ֆրանասական հռչակաւոր ակադեմիան եկաւ ըսելու, որ արեւելքը միայն արիւն եւ սարսափազդու տեսարաններով չապրիր, այլ կ’ապրի իր պատմական մեծ յիշողութիւններով, թէկուզեւ այդ յիշողութիւններուն մէջ անգամ առկայ է արեւելք -արեւմուտք դարաւոր պայքարը, եւ որուն ծայրերը եկած հասած են մեզի :
Լիբանանեան պատերազմի նախասկիզբին երբ «Ան Նահար» թերթի անծանօթ լրագրողը պիտի հասնէր իր Այն Ալ Րըմանէի բնակարանը անոր երրորդ յարկի պատշգամէն պիտի հետեւէր, չարագուշակ այն մարդատար մեքենային վրայ տեղի ունեցած գրոհին- ի դէպ այդ նշանաւոր դէպքը պատճառ հանդիսացաւ որ ծայր առնէ Լիբանանեան երկարամեայ արիւնանքամ քաղաքացիական պատերազմը- իսկոյն պիտի վճռէր որ Լիբանանը այլեւս իրեն համար դադրած է ապրելու վայր մը ըլլալէ: Մաալուֆ կը հաւաքէր իր իրերը եւ կը մեկնէր արեւմուտք: Ֆրանսախօս Լիբանանցիին համար, ինչպէս այլ մտաւորական մարդոց համար ալ, ապահով ափ պիտի հանդիսանար Փարիզը:Կ’անցնէին օրեր ու ժամանակներ, Մաալուֆ լրագրութիւնը թողնելով կը նետուէր գրականութեան գիրկը: Նախ պատմագրական ուսումնասիրութիւններ, յետոյ միայն պատմնա-գեղարուեստական արձակ:Իր ամբողջ գրականութիւնը, խտացումն է իր ժողովուրդի եւ դաւանած առաջին հայրենիքին՝ սիրած Լիբանանի պատմութեան:Ան պատմութիւնը «խառնելով» ու պեղելով ստեղծեց այնպիսի զօրեղ եւ իմաստուն արձակ ուր արեւմուտքը կը փորձէր խօսքի բռնուիլ արեւելքին հետ:Պարզ է որ հոն կայ չքմեղանք եւ խոստովանութիւն, դժգոհութիւն ու բողոք: Բայց ինչպէս ինք կ’ըսէ, ան ամէնէն աւելի փորձած է վերհանել ապրելու յոյսը եւ կեանքի սէրը: Մաալուֆ իր գործերով կը պատգամէ որ տարբեր կրօնքի դաւանողներ կրնան միասնաբար ապրիլ ու կերտել ապագան:Ճիշդ է ինք ալ կ’ընդունի որ, յաճախ չէ յաջողած այդ փորձառութիւնը բայց եւ այնպէս ապարդիւն է , նոյնիսկ վնասակար է խօսիլ միայն տարբերութիւններուն եւ այդ տարբերութիւններէն բխած խնդիրներուն մասին:Այդ խնդիրները բոլորս գիտենք: Բոլորս ալ այսօր ականատես կ’ըլլանք թէ ինչ վիճակի մէջ է ամբողջ միջին արեւելքը, բայց միշտ ըստ Մաալուֆի ապրելու, միասին ապրելու յոյսն է որ կենդանի պիտի ձգէ մեզ: «Ես պատմութեան մէջ կը փորձեմ խորանալ, որպէսզի քանդեմ բոլոր այդ մտքերն ու առասպելները որ վնասակար են մարդկութեան:Ես դէմ եմ նախապաշարումներուն:Միշտ ալ փորձած եմ լոյսին տալ պատմութեան այն հանգրուանները ուր արեւելք- արեւմուտք յարաբերութիւնները եղած են ջերմ եւ մաքուր: Այնքան մը որ ստեղծած են նոր քաղաքակրթութիւն, օրինակ ՝Անտալուզի մէջ ուր տարբեր կրօնները փորձած են երկխօսութիւն ընել եւ յաջողած են»:
Կարեւոր է նաեւ իմանալ , որ հակառակ անոր որ Ամին Մաալուֆ գրեց ֆրանսերէնով, բայց ան կռնակ չդարձուց արաբ ընթերցողին, այլ ուզեց իր խօսքով արաբ մարդուն մտածումները թուղթին տալ: Ան ճարպիկութիւն չըրաւ:Չուզեց արեւմուտքի խօսնակը ըլլալ: Այլ փորձեց պատմութեան մէջ խորանալ, փորձեց բացատրել որ այո մենք զիրար կ’ամբողջացնենք, ու մանաւանդ կարող ենք միասին ապրիլ, աւելի լաւ, աւելի արեւոտ օր կերտելու համար:
Կարեւոր է նաեւ իմանալ որ Մաալուֆ կը հասկնայ, քաջ գիտէ որ օրինակ Խաչակիրներու արշաւանքները, կամ եւրոպայի գաղութատիրական փորձերը միտուած չէին, արեւելքէն թաւիշ վարդեր քաղելու կամ խօսելու քաղաքակրթութեան մասին, ու նաեւ կ’ուզէ բացատրել որ իր մօտեցումները չեն միտիր պատմական ճշմարտութիւնները նենգափոխելու բայց կը վերհանէ, լոյսին կ’ուզէ տալ այն փաստը որ շատ են պարագաները երբ արեւմուտքէն արեւելք եկող մարդոց մէջ եղած են այնպիսի մարդիկ որ կարողացած են գտնել իրար հասկնալու լեզուն: Ըստ Մաալուֆի այդ է կարեւորն ու առաջնահերթայինը:Շահարկումի, շահագործումի եւ շահու աղբիւրներ որոնելու արեւմուտքի փորձերը գիտենք. կը մնայ լսել արեւմուտքի միւս ձայնը:Այն ձայնը որ մարդկութեան, աւելի պայծառ ապագայ ունեցող մարդկութեան մասին կը խօսի: Մեզ հետաքրքրողը, մեզի պիտանի արեւմուտքի այդ միւս լեզուն է որ այսօր ելած է տարիներ առաջ անյայտ Ամին Մաալուֆը պատուելու, ու ասոր մէջ կարելի է, պէտք իմաստներ որոնել ու գտնել:
Շարունակությունն՝ այստեղ