Ժողովուրդն իր երկիրն ու հայրենիքը կերտում է ըստ իր իդեալների


13:48 , 13 հունվար, 2014

Ժողովուրդ մը իր երկիրն ու հայրենիքը կը կերտէ համաձայն իր իտէալներուն, իր տեսլականին, ազգային հոգեմտաւոր արժեհամակարգին....իսկ ժողովուրդը՝ մեզմէ ամէն մէկն է, առանց բացառութեան....Կուսակցութիւններն անգամ ժողովուրդի ծոցէն ծնած են, նոյնը՝ մտաւորականները, որոնք ներկայիս կա՛մ կը համակերպին տիրող ճգնաժամային կացութեան, կա՛մ ալ մասնակից են անոր գոյառման՝ իրենց անտարբերութեամբ, կրաւորականութեամբ, մեղկ ծուլութեամբ, անձնական-հատուածական շահերու գերակայութեամբ....Ի վերջոյ, ժողովուրդ մը արժանի կը դառնայ իր կառավարութեան, ծառայելով միեւնոյն արժէքներուն, երազելով միեւնոյն ապրելակերպը, անտարբեր ըլլալով ազգն ու հայրենիքը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ, գերակայ նկատելով անձնական նեղ ու սին, անհեռանկար շահերն ու մանրուքները....եւ մերժելով իրա՛ւ Այլընտրանք ներկայացուող ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ հիմնադրոյթները՝ կրթական, առողջագիտական, տնտեսական, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապրելակերպի....եւ տակաւ կը խրի ճահիճին մէջ....