Գործի ձեռնարկելէն առաջ, պիտի ունենալ ԾՐԱԳԻՐ


21:57 , 9 դեկտեմբեր, 2013

Գործի ձեռնարկելէն առաջ, պիտի ունենալ ԾՐԱԳԻՐ, զայն կեանքի կոչող ԿԱՄԱՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐ, որոնք ամէն գնով պատրաստ ըլլան մինչեւ վերջ երթալու, աննահանջ, անկոտրում եւ անշեղ, ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ մնալով մանաւանդ այդ Ծրագրի ԷՈՒԹԵԱՆ, սկզբունքներուն, դաւանուած ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ....Քանի-քանինե՛ր ճամբայ ելած են բարձր նպատակներով եւ յետոյ կամ նահանջած են, կամ ալ՝ փչացած են, մոլորուած...., սեփական ԵՍ-ի շահերը գերադասելով ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ, կամ ալ փնտռած են ՓԱՌՔԻ ԹԱՓՆԻՆ որպէս լուսապսակ....Սակաւ են անոնք, որ ԽՈՆԱՐՀԱԲԱՐ մաքառած ու պայքարած են՝ միայն ու միայն ԱԶԳԻ ու ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ վերելքին համար, առանց երբեք փնտռելու անձնական թէ հատուածական ՇԱՀԸ, ԱԹՈՌ թէ ԴԻՐՔ....Վերջինները հայ կեանքին մէջ կարելի է կոչել սրբազան «ԽԵՆԴ»եր....Ունի՞նք այդ «ԽԵՆԴ»երը ներկայիս, ՆԻՒԹԻ, ՇԱՀԻ եւ ՕԳՈՒՏԻ մեր դարուն....