Որքա՛ն շատ կարծրատիպեր կան մեր մէջ...


21:43 , 27 նոյեմբեր, 2013

Որքա՛ն շատ ԿԱՐԾՐԱՏԻՊԵՐ կան մեր մէջ, որոնք էապէս կը խոչընդոտեն որ ԱԶԱՏ եւ ԱՆԿԱՂԱՊԱՐ մտածենք ազգային-հաւաքական մեր հարցերուն շուրջ մանաւանդ....Այդ ԿԱՐԾՐԱՏԻՊԵՐԷՆ մէկն ալ, անտարակոյս, մեր ՀԱՏՈՒԱԾԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆ է, որ արգելք կը հանդիսանայ՝ ահա տասնամեակներէ ի վեր, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ մը ձեւաւորումին, ինչ որ «օդի, ջուրի, հացի նման» կենսական է մեր ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ համար, որպէս ՄԷԿ ԱԶԳ միաւորումին, սփիւռքի մեր մասնատուածութեան եւ ցրուածութեան դիմաց....Ա՛լ շատոնց ժամանակն է որ ՎԵՐԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ առողջ մօտեցումով, մտածելակերպով դիմագրաւենք մեր բազում-բազում հիմնախնդիրները եւ վեր ելլենք մեր նեղ-կուսակցական, նեղ-հատուածական, նեղ-խմբակային նկատառումներէն....ընդարձակենք մեր տեսադաշտը՝ ծառերէն անդին, անտառը տեսնելու լայնախոհութեամբ ու մտահորիզոնով....