16:43 , 7 նոյեմբեր, 2013
Դժբախտաբար սխալ ու միակողմանի տեղեկութիւններ կը շրջին Գարեգին Բ-ի նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ։ Անհրաժեշտ է մօտէն իմանալ եկեղեցիներու Խորհուրդի կառոյցը։ Անձեր բարձրացնելու համար պէտք չէ ճշմարտութիւնը այլափոխել։ Այդ կառոյցին համաձայն բարձրագոյն հեղինակութիւնը կը հանդիսանայ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետութիւնը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքէն Արամ Ա. Կաթողիկոս ընտրուեցաւ եւ դարձեալ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ան վերընտրուեցաւ։ Ինչ կը վերաբերի խորհուրդի կառոյցէն ներս նախագահութեան` ութը հոգիններէ բաղկացած նախագահներ կան, որոնք պարզապէն խորհրդանշական իմաստ ունին։ Անոնք ո՛չ մէկ դերակատարութիւն ունիա։ Իսկ նախագահները կ’ընտրուին հերթաբար իւրաքանչիւր եկեղեցական ընտանիքէն։ Ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքէն բոլոր եկեղեցիները հերթաբար նախագահութեան մաս կազմած են, իսկ հիմա հերթը Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին է։ Հետեւաբար այսքան աղմուկ հանել չի համապատասխաներ իրականութեան։ Հաճեցէք լաւ ուսումնասիրել խորհուրդի կանոնագրութիւնը՝ նման լուրեր տարեծելէ առաջ։ Ուրախութեամբ իմացանք, որ եկեղեցիներու խորհուրդը որոշած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել, ուստի փոխանակ կեղծ լուրեր տարեծլու, Ցեղասպանութեան մասին թող անդրադառնայ մեր մամուլը։