Բանաստեղծությունը պիտի տանի քեզ իր բառերու հոսքին հետ


21:20 , 24 հոկտեմբեր, 2013

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ պիտի տանի քեզ իր բառերու հոսքին հետ՝ առաջին իսկ տողերէն, թեւ ու թռիչք պիտի տայ հոգիիդ, պիտի դպչի սրտիդ, խօսի ներաշխարհիդ հետ....հոգեգրաւ ՄԵՂԵԴԻԻ մը հանգոյն.... Յայնժամ կրնաս ըսել որ ԳԵՂԵՑԻԿ է գրուած, որ լաւ բանաստեղծութիւն է ....Այլապէս, զայն վերլուծելով, անոր թաքուն իմաստի շերտերը յայտնաբերելով, չես կրնար երբեք որոշել անոր ՈՐԱԿԸ կամ ԱՐԺԷՔԸ....Բանաստեղծութիւնը, ըստ իս, բառերու եւ տողերու ԴԻՒԹԱՆՔ է, մոգական կախարդանք, որ անմիջապէս քեզ կառնէ անոր խորհրդաւոր հմայքին ներքեւ, կը յուզէ քեզ, կը վերացնէ, կը մագնիսացնէ....Յետոյ կրնաս հազար ու մէկ մեկնաբանութիւններ տալ, բայց եթէ ԱՌԱՋԻՆ ԱԿՆԹԱՐԹԻ ԱՅԴ ՔԱՇՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ զուրկ է ան, յայնժամ, իմ կարծիքով, չի կրնար ան կոչուիլ ԼԱՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ....