Ոչ մէկ հաստատութիւն ինքնանպատակ է. Նոյնն է պարագան ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ


19:15 , 17 սեպտեմբեր, 2013

Ոչ մէկ հաստատութիւն ԻՆՔՆԱՆՊԱՏԱԿ է...Նոյնն է պարագան ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ: Եթէ անիկա էապէս չի ծառայեր ԱԶԳԻՆ ու ժողովուրդին, սէր, բարութիւն, կարեկցանք, խիղճ, հոգեւոր բարձր առաքինութիւններ չի խորհրդանշեր, զանոնք չի կենսագործեր իր եկեղեցականներու ամենօրեայ ՎԱՐՔԱԳԻԾՈՎ, ԱՐԱՐՔՆԵՐՈՎ, յայնժամ ան կը դառնայ ցուցադրական հաստատութիւն, արարողակարգային եւ ծիսական, ՉԻ ԴԱՌՆԱՐ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՆՑՔԸ: