Այսօր Խաչվերաց է...


11:49 , 15 սեպտեմբեր, 2013

Այսօր ԽԱՉՎԵՐԱՑ է....Աւանդութիւնը կ ըսէ, որ այս ՏՕՆԸ նաեւ ամռան աւարտը կը նշանակէ....Սակայն զարմանալիօրէն կիզիչ ՏԱՔԸ նոր թափով կը շարունակուի ահա քանի օր է ի մասնաւորի....: Սա կը նմանի գուցէ մարդ էակի ամառուան բեղուն եւ արգասաբեր տարիքին, որ չուզեր զիջիլ, չուզեր յանձնուիլ աշնան դալկութեան, աշնան տերեւաթափին....Սակայն, ԱՇՈՒՆԸ գալու է....Կրնա՞ս երբեւէ փախուստ տալ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱՉԱՓՈՒԹԵՆԷՆ: