Հայ քաղաքական միտքը խորը քունի մէջ է


14:10 , 5 սեպտեմբեր, 2013

Այնպէս կը թուի, որ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ խոր քունի մէջ է, երբ այնքան մօտալուտ է ԱՄՆ-ի ռազմական ներխուժումը Սուրիա, զինակցութեամբը գլխաւորաբար Թուրքիոյ: Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները, որոնք ՏԱՐԱԳԻՐ մեր ժողովուրդի ամէնէն ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ եւ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ հատուածն են, ոչնչացման սպառնալիքի տակ են կանգնած: Հայ քաղաքական միտքը առնուազն այս հանգրուանին ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ կազմակերպելու է ԱՄՆ դեսպանատուներու առջեւ...մանաւանդ հոծ հայագաղութներու մէջ... Արդեօ՞ք դարձեր ենք միայն ՈՂԲԻ ու ՈՐԲԻ ժողովուրդ... ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՌՈՒԹԻՒՆ Է ԱՄԵՆՈՒՐ: