Ամեն ինչ խառնաշփոթի մեջ է


14:34 , 8 օգոստոս, 2013

Ամէն ինչ իրար է խառնուած... Ո՞րն է ճիշդը, ո՞րն է սխալը... Ո՞րն է իրաւը, ո՞րն է սուտը... Ո՞րն է անկեղծը, ո՞րն է կեղծը... Կարծէք դիտումնաւոր կերպով, ամէն արժեչափ գլխիվայր է շրջուած, որպէսզի մարդիկ ապրին ՈՒՂԵՄՈԼՈՐ, ՈՒՂԵԿՈՐՈՅՍ...եւ խնկարկեն միայն սպառողական քաղաքակրթութեան քարոզած ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ, որ խորքին մէջ «ՉԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ» է... ՆԻՒԹԻՆ եւ ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ, ԸՆՉԱՔԱՂՑՈՒԹԵԱՆ եւ ՇԱՀԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ նորօրեայ ԳԵՐՈՒԹԻՒՆ կամ ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆ...., ուր ջնջուած են ազգ ու պատմութիւն, ընտանիք եւ ինքնութիւն, բարոյական ըմբռնումներ եւ առաքինութիւններ...