Հարիւր անգամ ծեծուած նիւթ մը՝ տափակ եւ անգոյն, կը ստանայ բազմաթիւ «լայք»եր


22:29 , 18 հունիս, 2013

Թեթեւամիտ գրառում մը այնքա՛ն ՀԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ կ՛արժանանայ... Հարիւր անգամ ծեծուած նիւթ մը՝ տափակ եւ անգոյն, կը ստանայ բազմաթիւ «լայք»եր, մինչ խելացի, մտածել տուող, ապրում փոխանցող գրութիւն մը յաճախ կ՛անտեսուի ամբողջովին... Մարդիկ հաւանաբար աւելի շատ ՄԱԿԵՐԵՍԱՅԻՆ, խորք չունեցող, թեթեւ եւ դիւրամարս բաներ կը փնտռեն շարունակ... Դարն է այդպիսին, ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ թեթեւաբարոյ ճաշակը կլանած է աշխարհը... ՁԵՒ, ՁԵՒ՝ ԱՌԱՆՑ ԽՈՐՔԻ...