Յուսախաբութիւն, բայց ոչ ՅՈՒՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆ


22:00 , 6 մայիս, 2013

Յուսախաբութիւն՝ ՀՀ վարչախումբէն, յուսախաբութիւն՝ այսպէս կոչուած ընդդիմադիր ոյժերէն... Բայց ոչ երբեք ՅՈՒՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆ, որ դժբախտաբար մեր ժողովուրդին մէկ մասը կ՛առաջնորդէ ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒԹԵԱՆ: Այս պահուն եւ ընդհանրապէս, Հայրենալքութիւնը կը նշանակէ, ինչպէս պիտի ըսէր ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ, առանձին թողուլ Վարդան Մամիկոնեանը ԱՒԱՐԱՅՐԻ դաշտին վրայ... Այսինքն՝ անձնատուր ըլլալ ԱՊԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ, «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅՈՒ» ԱԶԳԱԿՈՐԾԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ, մոռնալ ԱԶԳԱՅԻՆ ԷՈՒԹԻՒՆ, ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ... Մենք բոլորս ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՊԷՏՔ Է ՄԱՔԱՌԻՆՔ ՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ՝ ունենալու համար մեր երազած, ԱԶԳԱՅԻՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ ապրող ու շնչող ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ....