Ընտրություններ = ընտրակեղծիք + ընտրակաշառք


15:14 , 18 փետրվար, 2013

Ահա քսան տարի է նոյն պատմութիւնը կը կրկնուի պարբերաբար եւ առանց խախտումի... ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ=ԸՆՏՐԱԿԵՂԾԻՔ+ԸՆՏՐԱԿԱՇԱՌՔ... Կարծէք Հայաստանը իր անկախութիւնը ստացաւ, որ կարենայ նման «ընտրական գործընթացով» ապահովել խումբ մը մարդոց իշխանական, ֆինանսական եւ ուժային ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄՆԵՐՈՒ տեւականացումը.... Սա կը կոչուի ոչ թէ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, այլ պէտք է կոչուի խմբապետութիւն, որուն առաքելութիւնն է՝ խումբ մը մարդկանց անսահման ու անյագ հարստացումը ի հաշիւ եւ ի վնաս ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ....