Արտաքին թշնամու սպառնալիքը միշտ էլ ազգային համախմբման ազդակ է


22:53 , 13 փետրվար, 2013

Արտաքին թշնամիին սպառնալիքը միշտ ալ ազգային համախմբման հզօրագոյն ազդակ է եղած...Այսօր ՀՀ հեռուստացոյցի «տեսանկիւն» հաղորդաշարէն, շեշտուեցաւ ազերի դիպուկահարներու բացած կրակը ուղղակի մեր սահմանամերձ գիւղերէն մէկուն վրայ, երէկ գիշերային ժամերուն....բարեբախտաբար առանց զոհեր պատճառելու: Տարակոյսէ վեր է որ ազգային համախմբուածութիւնը էական է ի մասնաւորի արտաքին ճակատի վրայ....Իսկ ի՞նչ ըսել այն խոր վիհին, որ գոյացած է իշխանութեանց եւ հասարակութեան միջեւ, որպէս հետեւանք իշխանութեանց վարած ոչ-ժողովրդանուէր, անձնական եւ քլանային շահերուն հետամուտ եղող քաղաքականութեան....