Եթէ չկայ վստահութիւն, յայնժամ պարապ բան է սահմանադրութիւն փոխելն ու չփոխելը


22:31 , 2 դեկտեմբեր, 2015
Ամէն առողջ հասարակութիւն եւ պետական միաւոր վստահութեան վրայ է կառուցուած.... վստահութիւն իշխանութեանց նկատմամբ, վստահութիւն օրէնքի ճիշդ կիրառման նկատմամբ, վստահութիւն մէկը միւսի նկատմամբ, վստահութիւն որ արդարութիւնը պիտի գործէ բոլոր պարագաներուն... Եթէ չկայ վստահութիւն, յայնժամ պարապ բան է սահմանադրութիւն փոխելն ու չփոխելը.... Վստահութիւնը հիմքերու հիմքն է ամէն տեսակ փոխյարաբերութեանց՝ անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ....