Ռուսաստանի Սխալը


22:06 , 6 ապրիլ, 2015

Հայաստան իր բնական եւ ռասզմավարական դիրքին բերումով թումբ կանգնած է դարերով Ասիոյ տափաստաններէն դէպի Եւրոպա արշաւող վայրենի ցեղերուն: Որքան որ Հայն ու Հայաստանը կանգուն մնացած են, Բիւզանդական Կայսրութիւնն եւս կանգուն մնացած է: Հայաստանի կորուստէն քիչ յետոյ կ՛ինայ նաեւ Բիւզանդական Կայսրութիւնը թրքական արշաանքներուն առջեւ:

Այսօր, Ռուսաստանն ու Հայաստանը կը համարուին որպէս ռազմավարական դաշնակիցներ, եթէ Ռուսաստանը Հայաստանի համար չափազանց անհրաժեշտ պետութիւն է, ապա Հայաստանը նոյնպէս ո’չ պակաս կարեւոր հանգամանք կը ներկայացնէ Ռուսաստանին, որպէս վստահելի գործընկեր՝ բայց ո’չ միջոց: Հակառակ պարագային, Բիւզանդական Կայսրութեան պատմական միեւնոյն այն սխալը, կրկնուելու ա’յս անգամ, Ռուսական օրինակով: