Ո՞րն է անհրաժեշտը՝ Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը, թէ՞ Ցեղասպանութեան խնդիրը


16:48 , 27 մարտ, 2015

Ո՞րն է անհրաժեշտը՝ Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը, թէ՞ Ցեղասպանութեան խնդիրը: Գացէք, մտածեցէք: Ցեղասպանութիւնը յատկապէս Սփիւռքի մէջ մեր անլրջութեան, ծուլութեան, անհեռանկար ըլլալուն, ազգային ծրագիր չունենալուն դրօշակն էր երկար տարիներ: Այդ դրօշակը Հայաստան չբերենք: Մեզի համար Սրբութիւնը այս երկիրն է ՝Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մենք բոլորս անոր զինուորներն ենք, իսկ Եւրոպական կամ այլ երկիրներու կողմէ իբրեւ թէ ցեղասպնական զօրակցութիւնը ոչ մէկ բան կաւելցնեն մեր իսկական կայացման: Մտածենք 25 Ապրիլին մասին: Հասկացողաց Բարեւներ: