Բաժանումները միշտ ալ տխրութիւն կը պատճառեն


00:41 , 11 նոյեմբեր, 2014

Բաժանումները միշտ ալ տխրութիւն կը պատճառեն....բաժանում՝ մեր սիրած անձէն, բաժանում մեր հարազատ վայրէն, բաժանում մեր սիրած գործէն կամ պաշտօնէն....բայց բաժանումները անհրաժեշտ են, կա՛մ կեանքի բերումով, կա՛մ ակամայ, կա՛մ ալ հնարաւորութիւն ընձեռելու այլոց, որ իրենք փոխարինեն քեզ....վարժուին գործին եւ իրենց նոր ու թարմատի գաղափարներով նորոգեն տուեալ պաշտօնը....Պաշտօնամոլ կամ աթոռամոլ ըլլալը երբե՛ք մօտ չէ եղած սրտիս, իսկ պաշտօնի կամ աթոռի մուրացկան ըլլալը կը նսեմացնէ մարդ-անհատին արժանաւորութիւնը, զայն ստրկացնելով նոյն այդ աթոռին....Պիտի կարենալ հրաժեշտ առնել պաշտօնէն ատենին եւ փառունակ կերպով....