Փայլի ու շպարի աշխարհ


10:55 , 4 հոկտեմբեր, 2014

Շատ-շատեր միայն արտաքին փայլով եւ շպարով կարժեւորեն մարդը, երեւոյթները, դէմքերն ու դէպքերը....չեն ուզեր տեսնել անոնց ետին թաքնուած ԽՈՐՔԸ, ԷՈՒԹԻՒՆԸ...կը գոհանան միայն մակերեսայինով, որ այնքան խաբուսիկ է, մոլորեցնող յաճախ....Այսպէս է որ ԹՈՒԱՑԵԱԼԸ կընդունուի որպէս իրականութիւն, ճշմարտանմանը՝ որպէս ճշմարիտ....: Հազուագիւտ են անոնք որոնք կը թափանցեն երեւոյթներու խորքը, կերթան դէպի աղբիւրը ճշմարտութեան, հասու կը դառնան անոր....ի գին անշուշտ հոգեմտաւոր անդադրում ճիգի, պրպտող ու վերլուծող մտքի յարատեւ աշխատանքի....Հրամցուածը ընդունիլը ամէնէն դիւրին ճամբան է....