Իմ մեծագույն տպավորությունս ստաց Պաշտպանության նախարարից


17:17 , 28 սեպտեմբեր, 2014

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ...., որ ներկայիս շարունակողն է՝ Տիգրան Մեծի, Վարդան Մամիկոնեանի, մեր Ֆէտայիներու....թողած ժառանգութեան, ըլլալով գլխաւոր երաշխիքը մեր հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան....Այս մասին այնքան հանգամանալից զեկուցեց Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան, բանիմաց եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն մը, որ յոյս ու հաւատք, նաեւ հպարտութիւն ներշնչեց մեզի, շեշտելով յատկապէս դաստիարակութեան, գիտելիքի, մարտունակ ոգիի, հայրենասիրութեան էական դերը բանակի կազմաւորման մէջ, զինական տուեալներու եւ արհեստագիտութեան կողքին....եւ մշտապէս կատարելագործուելու հրամայականը....ԱՀԱ ՄԱՐԴԸ, ԻՐԱՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐԸ, ՃԻՇԴ ՄԱՐԴԸ ԻՐ ՃԻՇԴ ՏԵՂԻՆ ՎՐԱՅ.....Կրնամ անվարան ըսել, որ իմ մեծագոյն տպաւորութիւնս ստացայ Պաշտպանութեան Նախարարէն, իր ղեկավարած հայ բանակի հերոսական ուղիէն....