Մենք էական պահանջ ունինք այնպիսի կառավարիչներու, որոնք մեր ժողովուրդին առջև խոսին անկեղծությամբ


19:53 , 13 դեկտեմբեր, 2013

Մենք այնքա՛ն ԷԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ ունինք այնպիսի կառավարիչներու, որոնք կանգնին մեր ժողովուրդին առջեւ եւ խօսին անոր հետ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ, զգալով անոր ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ, սիրտէ-սիրտ եւ հոգիէ-հոգի ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մը պէս....Իմաստուն մանկան ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ..., ճշմարտախօսութեամբ: Նման վերաբերմունքը պիտի անպայման արդիւնաւորուէր հազարապատիկ՝ հոգեւոր լիցքերով, ոգեկանութեամբ, ուժականութեամբ, իրա՛ւ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ, որ պատրաստ է երթալու ամէն զոհողութեան....ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԿՐՆԱՅ ԳՈՐԾԵԼ....Իսկ ԿԵՂԾԻՔԸ, ընդհակառակը, ժխտական լիցքերով կը թունաւորէ հանրութիւնը...