Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ կը հեւայ, կը տրորուի հայ հոգին


23:30 , 29 նոյեմբեր, 2013

Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ կը հեւայ, կը տրորուի ՀԱՅ ՀՈԳԻՆ, աւերիչ օտար հողմերուն դէմ յանդիման, որոնք ամէն կողմէն կը փչեն սարսռագին, կը սպառնան խեղդամահ ընելու զայն....Ի՛նչ առասպելային, հրաշազօր ոյժ կայ սակայն անոր հրեղէն միջուկին մէջ թաքնուած, որ ահա դար ու դարեր կը տոկայ դեռ անսասան....Այդ ոյժին մէջ կայ հիւլէ մը Հայկէն, Սասունցի Դաւիթէն, Զօրավար Անդրանիկէն, մեր ՈԳԻԻ մեծերէն...., որոնք կը հսկեն մշտարթուն որ չխորտակի ան՝ ՀԱՅ ՀՈԳԻՆ, որ դեռեւս իր ԼՈՅՍԻ առաքելութիւնը ունի իրագործելու, մանաւանդ ներկայ աշխարհի մթամած, խաւարակալած ոլորաններուն վրայ.....