Ստրկութեան շղթան կամովին իրենց վիզին կանցընեն այն ազգերը, ովքեր պատրաստ չեն նուաճելու իրենց ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ


22:18 , 14 նոյեմբեր, 2013

Որքան ալ արտաքին ազդակներ փորձեն մարդ էակը թէ ազգը ստրկացնել, ան երբե՛ք չի ստրկանար, եթէ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ է ԱԶԱՏ ըլլալու՝ իր էութեամբ, ինքնութեամբ, վարքագիծով թէ ապրելակերպով....Ստրկութեան շղթան կամովին իրենք իրենց վիզին կանցընեն այն մարդիկ թէ ազգեր, ովքեր պատրաստ չեն նուաճելու եւ պահելու իրենց ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ պահ առ պահ, պատրաստ չեն Տէրը դառնալու իրենց ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ, պատրաստ չեն ստանձնելու անոր ամբողջական ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ....քանզի ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Է գերազանցօրէն....