Կիպրոսի տնտեսական ահաւոր ՃԳՆԱԺԱՄԸ գուցէ ցոյց տուաւ ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ բուն երեսը....Գերշահոյթ ապահովելու իրենց մոլուցքին անձնատուր, պատասխանատու անձինք այնպիսի ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄՆԵՐ կատարեցին, որ դրամատուներ ու կարեւոր հաստատութիւններ հասան ՍՆԱՆԿԱՑՄԱՆ եզրին: Բայց սա չէ՞ ներկայ արեւմտեան քաղաքակրթութեան բուն ԷՈՒԹԻՒՆԸ...Գերշահոյթ ապահովել ամէն գնով, կոխկռտելով այլոց իրաւունքը....անյագ տենդով հարստութիւն դիզել, կեղեքել, հարստահարել երկիրն ու ժողովուրդը....ԱՐԴԻ՞ՒՆՔԸ՝ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԵՒԵՌԱՅՆԱՑՈՒՄ, ԱՂՔԱՏԻ ԵՒ ԳԵՐՀԱՐՈՒՍՏԻ ՄԻՋԵՒ ԱՀԱՒՈՐ ԱՆՋՐՊԵՏ, ԵՐԿՐԻ ՍՆԱՆԿԱՑՈՒՄ....ՎԱՂՈՒԱՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ, ԱՐՏԱԳԱՂԹ...Սա ուսանելի դաս պիտի ըլլայ յատկապէս մեզի համար...ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ վրայ հիմնուած քաղաքակրթութիւնը հասած է իր աւարտին:ՍՊԱՌՈՒԱԾ Է ԱՆ: Երանի՛ մենք՝ հայերս, ըլլանք ԱԽՈՅԵԱՆԸ նոր քաղաքակրթութեան մը, հիմնուած մարդկայնական, բարոյական-հոգեւոր-մշակութային ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ վրայ....եւ նոր ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ՄԸ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐԵՆՔ համայն մարդկութեան համար:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել