Միջազգային լուրերէն կը հաղորդուի G-8 Գագաթաժողովին մասին, ուր հեռուստացոյցի պաստառէն կը դիտէի քիչ առաջ, թէ ինչպէս աշխարհի ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ որոշող գերտէրութեանց ղեկավարներ իրարու կը հանդիպին, կը բարեւեն սիրալիր, կը ժպտին, քաղաքավարութեան դիմակով... Խորքին մէջ, սակայն, քաղաքավար այդ դիմակին ետին, որքան քաղաքական ՆԵՆԳ հաշիւներ են թաքնուած... Օրակարգի հրատապ նիւթ էր անշուշտ ՍՈՒՐԻԱՆ, որուն առնչութեամբ ԱՄՆ նախագահը կը պնդէ որ ՉՄԻՋԱՄՏԵԼԸ դէմ կերթայ միջազգային հանրութեան «մարդկայնական նպատակներուն»... Կողքին՝ Ֆրանսայի նախագահն է՝ Հոլլանտը, այժմու անոր սերտ գործակիցը Սուրիոյ հարցով... Եւ հարց կը ծագի, թէ խորքին մէջ՝ Ո՞Վ ԿԸ ԴՐԴԷ ԱՅՍ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ, ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՀԵՏ ԽԱՂԱՆ... Իրենց ազդեցութեանց գօտիները ընդարձակելու, ՈՅԺԻ ԵՒ ՇԱՀԻ նոր աղբիւրներ գտնելու իրենց ԱՆԿՈՒՇՏ ԱԽՈՐԺԱԿԸ յագեցում պիտի գտնէ՞ վերջ ի վերջոյ... «Քաղաքակիրթ» աշխարհը աւելի ու աւելի ԴԱԺԱՆ կը դառնայ կարծէք... Միայն ԴԻՄԱԿՆԵՐՆ ԵՆ ՓՈԽՈՒԱԾ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել