Եւրոպական երկիրներն ու ժողովուրդները մէկ առ մէկ կ՛իյնան «ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ» խոստացած տնտեսական-քաղաքական եւ այլ տեսակի «ԴՐԱԽՏԻ» խայծին, զիջելով իրենց ազգային ինքնութեան, էութեան մէկ կարեւորագոյն մասը, իրենց իւրայատուկ ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻ, ՎԱՐՔ ՈՒ ԲԱՐՔԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ, դառնալով ՄԷԿ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ մը մասնիկը....Կեդրոնական Եւրոպայի կարգ մը երկիրներուն մէջ, ուր գտնուեցայ վերջերս, ցաւով նկատեցի, որ հարուստ պատմական անցեալ ունեցող ժողովուրդներ որքա՛ն տարուած են Եւրոմիութեան խոստացած սին բարիքներէն, եւ տակաւ վտանգին տակն են կորսնցնելու իրենց ինքնատիպ դէմքն ու դիմագիծը.....Եւրոպական մշակութային արժեհամակարգը, խորքին մէջ, դարձած է՝ ժողովուրդները ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՂ ԵՒ ԴԻՄԱԶՐԿՈՂ ՇՈՒԿԱՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ, որ կը սպառնայ ջնջել անոնց ինքնուրոյնութիւնը, սեփական բոյրն ու թոյրը եւ տարրալուծել զիրենք այդ վիթխարի ձուլարանին մէջ....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել