ՀԱՐՑԵ՛Ր, ՀԱՐՑԵ՛Ր, ՀԱՐՑԵ՛Ր.... Հայրենի մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս կը թուի, թէ այլ երկիրներուն մէջ ամէն ինչ կարգին է....քաղաքացիներուն կեանքը խաղաղ ու հանգիստ, չկան ֆինանսական, տնտեսական եւ այլ խնդիրներ....եւ մարդիկ կապրին դրախտի մէջ....: Հեռուէն ամէն ինչ երանաւէտ կը թուի ըլլալ.... Բայց, դժբախտաբար, այդպէս չէ բնաւ...: Նոյնիսկ «չքնաղ» այս կղզիին մէջ, կայ՛ հիմա տնտեսական լուրջ տագնապ, օրեցօր կը շատնայ գործազուրկներու թիւը, շատեր կարտագաղթեն գործ փնտռելու համար, «վարձու» կամ «ծախու» տուներու թիւը տակաւ կաւելնայ...սնանկացած գործատուներու թիւը նոյնպէս.... Անցեալ օր, անգլիատառ թերթին մէջ, կար սրտաճմլիկ լուսանկարը պառաւ մամիկի մը՝ վտիտ ու փոքրամարմին, որ աղբարկղներու մէջ ուտելիք կը փնտռէր...: Յայտնապէս, արեւմտեան դեմոկրատիայի դրամատիրութիւնը իր մայրամուտը կապրի.... ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ԱՇԽԱՐՀԸ ԵՐԿՈՒՆՔԻ ՄԷՋ Է... ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ՀԻՆԸ՝ ՎԱՂ ԹԷ ՈՒՇ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել