ՈՒՆԵՆԱ՞Լ ԹԷ՞ ԸԼԼԱԼ... Ներկայ աշխարհի դրուածքին մէջ, մարդ էակը հակուած է անձնատուր ըլլալ՝ ունենալու եւ աւելին ունենալու հոսանքին կամ նոյնիսկ մոլուցքին.... Ժամանակակից քաղաքակրթութեան ազատ շուկայական դրութիւնը կը քաջալերէ որ մարդ էակը ցանկայ շարունակաբար ինչքեր կուտակել, հարստութիւն դիզել...կարծէք կեանքի նպատակը ըլլար ՈՒՆԵՆԱԼԸ միայն.... նիւթ, գումար ու ինչքեր կուտակելը...: Իրերու կուտակումը սակայն կրնա՞յ սրտին ճշմարիտ ուրախութիւն պարգեւել, մանաւանդ երբ անտեսուի հոգեկանը մարդուն մէջ.... Մարդ արարածը հոգի է եւ մարմին...եթէ ունենալը կարենայ գոհացնել մարմնականը մարդուն մէջ, հոգին կը մնայ աղքատ, էապէս չբաւարարուած....հետեւաբար ոչ-երջանիկ: Իսկ հոգիի սնունդը կու գայ գերազանցօրէն բարոյական-հոգեւոր-մշակութային արժէքներէ, որոնց հետ սերտ հաղորդակցութիւնը, անոնց կենսաւորումը մարդ-անհատի առօրեայ կեանքին մէջ. իրեն պիտի պարգեւէր լիարժէք ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼՈՒ անփոխարինելի երջանկութիւնը....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել