HDPի համանախագահ Ս. Տէմիրթաշի համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ վերջին երկու օրուան ընթացքին աւելի քան 400 տարբեր մեծ ու փոքր յարձակումներ եղած են՝ գլխաւորաբար քրտական թիրախներու դէմ:
Թուրքիոյ լուրերուն հետեւելով այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ գլխաւոր չորս կուսակցութիւնները իրարու հետ խօսակցելու, յարաբերելու քաղաքական ենթահողը կորսնցուցած են: Տիրող գլխաւոր լեզուն ատելութիւնը, փոխադարձ մեղադրանքներն ու սպառնալիքներն են: 
Յստակ է, որ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորսնցնելով, Էրտողան –Տաւութօղլու զոյգի նպատակը կառավարութիւն կազմել չէր, այլ՝ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ, յուսալով որ այս անգամ ցանկալի մեծամասնութիւնը ձեռք կը ձգեն: Քանի մը գործողութիւններով քիւրտերուն քուէարկողները վախցնելու ծրագիրը, փաստօրէն ձախողած է: 
Թուրքիա նախապէս ալ զինեալ բախումներու եւ անորոշութիւններու շրջան ապրած է: Հիմա, սակայն, կացութիւնը տարբեր է: 
Շրջանային եւ տեղական բազմաթիւ այլ ազդակներու կողքին, պէտք է ընդգծել, որ այս անգամ քիւրտերը միայն զէնքով չեն պայքարիր: Ի տարբերութիւն 20-25 տարի առաջուան պատկերին, այսօր քիւրտերու անունով համարձակօրէն խօսող քաղաքական կուսակցութիւն կայ: Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան (HDP) նախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշ առանց բառերը ծամծմելու եւ ամէ՛ն օր իրադարձութիւններուն կ՛անդրադառնայ ու կը շեշտէ, որ այսօրուան վիճակի գլխաւոր պատասխանատուն նախագահ Էրտողանի մենիշխանական ձգտումներն են: Զինեալ գործողութիւններու եւ քաղաքական յայտարարութիւններու նուրբ ներդաշնակութեամբ ընթացք մը նկատելի է: Աւելի լայն պատկերը կը յուշէ, որ շրջանին մէջ քրտական անկախ միաւորի մը ծնունդը շատ հեռու չէ:
Սեպտեմբեր 9-ին, Տէմիրթաշի գլխաւորած երեսփոխաններու խումբ մը քայլարշաւի մը սկսաւ դէպի Ճիզրէ՝ թրքական բանակի կողմէ 6 օրէ ի վեր յայտարարուած պարեկային ժամը ջնջելու նպատակով: 
Տաւութօղլուի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի կարենա՞յ Նոյեմբեր 1-ի ընտրութիւններուն ապահովել Էրտողանի համար ցանկալի մեծամասնութիւնը: Չափազանց կասկածելի է:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել