armenian-genocide-memorial-tsitsernakaberd_1Ցեղապաշտութիւնը պատմութեան հնագոյն եւ ամենավտանգաւոր երեւոյթներէն մէկն է, զոր աշխարհը կը դիմագրաւէ նաեւ ներկայիս: Ցեղապաշտութիւնը այն համոզումը կամ վարդապետութիւնն է, որ կ՛արմատացնէ տարբերութիւնները մարդկային զանազան ցեղերու միջեւ. անիկա այդ զգացումն է, թէ խումբ մը մարդիկ՝ որոշ կենսաբանական կազմուածքով, իրենք զիրենք կը գերադասեն այլ խումբերէ։ Թուրքիան երկար պատմութիւն ունի ցեղապաշտութեան եւ ցեղային խտրականութեան հետ, որոնք արմատաւորուած են թրքական հասարակութեան մօտ՝ ամէն ձեւով եւ տարբեր-տարբեր կերպարանքով: Իր էութեամբ, ցեղապաշտութիւնը Թուրքիոյ մէջ օրինական գաղափարախօսութիւն է, որ լիովին նեցուկ գտած եւ իրականացուած է օսմանցի սուլթաններուն եւ

Երիտթուրքերուն կողմէ, ապա շարունակուած է Քեմալ Աթաթուրքի եւ անոր յաջորդողներուն կողմէ ու տակաւին կը շարունակուի այսօր՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ: Թուրքը միշտ ինքզինք կը համարէ «գապատայի» (քաջագործ) եւ ունի ուժեղ եւ չափազանց զգացում, թէ ինք իրաւունք ունի բոլոր ցեղերէն բարձր դասուելու: Զոր օրինակ, Ալի Սուաւի (Ali Suavi), որ թուրք մտաւորական մըն էր Օսմանեան շրջանին, 1860ին յայտարարած է, թէ թուրքերը կը գերազանցեն բոլոր ցեղերը՝ քաղաքական, ռազմական եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ:

Ցեղապաշտութիւնը միշտ եղած է կործանարար. երբ անիկա կը հասնի ծայրայեղութեան, անոր արդիւնքը ցեղասպանութիւն կ՛ըլլայ, եւ ճիշդ այս էր, որ տեղի ունեցաւ 1915ին, երբ թուրքերը գործադրեցին առաջին համակարգուած ցեղասպանութիւնը՝ մարդկութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ, որուն հետեւանքով երկու միլիոն հայեր արմատախիլ եղան իրենց հայրենի տունէն եւ արտաքսուեցան դէպի արաբական անապատները, 1.5 միլիոն անմեղ հայեր նահատակուեցան եւ հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող հայ ազգը տեղահան եղաւ իր հայրենիքի արեւմտեան մասէն: Ցեղային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերու տնտեսական յաջողութիւնները թուրքերու նախանձը գրգռեցին եւ պատճառ դարձան Ցեղասպանութեան:

Հայերը յաջողած էին տնտեսութեան, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, առեւտուրի եւ այլ ոլորտներու մէջ, սակայն անոնք երեւելի, բացորոշ եւ հռչակաւոր չէին օսմանեան բանակին մէջ, քանի որ բանակին դռները փակ էին անոնց դիմաց, հետեւաբար՝ հայերը դիւրին թիրախ դարձան թուրքերուն համար։ Ցեղապաշտութիւնը թրքական հասարակութեան մնայուն առանձնայատկութիւնը դարձած է եւ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ Թուրքիոյ մէջ: Անիկա կը մնայ մշտական խնդիր Թուրքիոյ ժողովուրդին համար: Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ կրթական ծրագրիրները տակաւին կը շարունակեն սորվեցնել նոր սերունդին, թէ իրենց ազգը գերադաս է, եւ այնքան ատեն, որ թուրքը կը ժխտէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ իր պատմութեան սեւ էջերը, ցեղապաշտութիւնը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ Թուրքիոյ մէջ: Հայեր, ասորիներ, յոյներ եւ ուրիշներ բնաջնջուեցան Թուրքիոյ մէջ: Քիւրտերը, որոնք կը գնահատուին 16 միլիոն մարդ Թուրքիոյ մէջ, տակաւին մինչեւ այսօր իրենց լեզուն չեն կրնար դասաւանդել, քանի որ այդ մէկը արգիլուած էր Աթաթուրքին կողմէ, որ զանոնք «լեռնային թուրքեր» անուանած էր: Թուրքերուն կողմէ ցուցաբերուած խտրականութիւնն ու ատելութիւնը կը կիրարկուին նաեւ իսլամ տարբեր յարանուանութիւններու նկատմամբ, ինչպիսին են ալաուիները եւ սուֆի իսլամները:

Ինչպէս բացայայտած է «Ակօս» թերթը՝ Թուրքիոյ պետութիւնը երկրի փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ գաղտնի ծածկագիրներ օգտագործած է՝ դասակարգելու համար այդ համայնքները երկրին մէջ: Պատմութիւնը, սակայն, նոյն ընթացքին մէջ կը գտուի տակաւին: Թուրքիոյ մշակոյթն ու մտայնութիւնը պէ՛տք է փոխուին, որպէսզի Թուրքիան կարենայ մաս կազմել միջազգային քաղաքակիրթ հանրութեան: Ներկայիս ջանքեր կը թափուին թուրք մտաւորականներու կողմէ, ինչպիսին են թուրք վիպասան, գրագէտ եւ 2006ին Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին արժանացած Օրհան Փամուք, իրաւաբան եւ գրող Ֆեթհիյէ Չեթին, պատմաբան եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամ, լրագրող եւ հրապարակախօս Հասան Ճեմալ (տխրահռչակ երիտթուրք Ճեմալ փաշայի թոռը), գրող Իլիֆ Շաֆախ, Ռակըպ Զարաքօլու, պատմաբան Հիլալ Պերքթայ, Օսման Քոքիր, Ճենկիզ Աքթար եւ շատ ուրիշներ, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւն ապահովուի եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանուին՝ պահանջելով պետութենէն առիթ տալ այդ փոքրամասնութեանց, որ իրենց լեզուները եւ մշակոյթները զարգացնելով՝ իրենց ազգային ինքնութիւնը պահպանեն:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այս մտաւորականութեան գլխաւոր արշաւն է: Սակայն, կը թուի, թէ այդ բոլորը իրականացնելու համար շա՛տ աւելի աշխատանք պէտք է տարուի եւ այդ մէկը տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի։ Թուրքիան, որ տակաւին կը հաստատէ իր մերժողական դիրքը պատմութեան հանդէպ եւ կը սարսափի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արդիւնք քաղաքական հետեւանքներէն, պէ՛տք է իր դիրքը փոխէ, հաշտուի իր պատմութեան հետ եւ ընդունի անոր սեւ ծալքերը՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ նմանապէս միւսներունը, որպէսզի թրքական գալիք սերունդը հպարտ ըլլայ իր ազգով: Ատելութիւն պարունակող խօսքը՝ թրքական լրատուական միջոցներուն, այլատեացութեան հետեւանքով տեղի ունեցող յանցագործութիւնները (օրինակ՝ Հրանդ Տինքի պարագան), փոքրամասնութիւններու ունեցուածքներուն բռնագրաւումը, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ այլ անմարդկային արարքներ կարելի չէ շարունակել, եթէ Թուրքիան կը ցանկանայ մօտ ապագային մաս կազմել միջազգային քաղաքակիրթ ընկերութեան:

Համբարձում ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել