Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ քիւրտերը բողոքի քայլեր կ՛առնեն: Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ ցոյցեր կը կազմակերպուին, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը Եւրոխորհրդարանի շէնք ներխուժումն էր...: Մարտինի, Վանի եւ Սղերդի կարգ մը շրջաններուն մէջ, այսօրուան ժամը 17:00-էն սկսեալ պարեկային ժամ հաստատուած է: Այս ալիքը պիտի շարունակուի՞: Պէտք չէ շտապել եւ արագ կանխատեսումներ ընել: Կէզի Փարքի (Թաքսիմ) ցոյցերուն ալ ոմանք Էրտողանի անկումը տեսան: Պէտք է սպասել...: 
Շա՜տ ուշագրաւ փաստ մը կ՛արժէ արձանագրել: Կը յիշէ՞ք, թէ ինչպէս ՀԱլէպի խնդիրները սկսելէ առաջ իսկ Թուրքիա իր սահմանին վրայ վրաններ լարած էր եւ «փախստական գաղթականներ» կը սպասէր: Տարօրինակօրէն, ճիշդ իր սահմանին վրայ գտնուող Քոպանիի (Արաբ Բունար)ի պարագայն ոչ միայն այդ վրանները չյայտնուեցան, այլեւ՝ քիւրտ փախստականներու մուտքն ալ յաճախ կ՛արգիլուի: Պատճառաբանութի՞ւնը. թուրքերը վստահ չեն, թէ անոնք ՏԱԷՇ-ի անդամներ չեն...:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել